ԶՐՈՅՑ
Հեշտանքի մտերմիկ սա պահուն,
Կը զրուցեմ անծանօթ ոգիին հետ,
Որ կը բնակի մօտս,
Կը հմայէ գեղեցիկ իր տեսքով
Ու մոռցնել կու տայ ինծի
իմ վիշտը անմորմոք:
Պահ մը դուն անհետացար
ամայի իմ աշխարհէն,
Պահ մը խաւար պատեց
քու լոյս դէմքին,
Բայց միշտ ու միշտ
դուն եղար հզօր,
Դուն ինծի համար եղար
աստղ մը ճառագայթող,
Միտքս ու հոգիս լուսաւորող,
ջերմացնող...
Կարծեցի, թէ դուն կրնաս
պահ մը անհետիլ,
Դառնալ միայն երազ
ու խորհրդաւոր տեսիլք,
Բայց միշտ ու միշտ
դուն եղար տիրող,
Դուն ինծի համար եղար ափը՝
ովկիանոսները կամրջող,
Միտքս ու հոգիս
զիրար շաղկապող...
Պահ մը դուն եղար
հզօր,
գերող…
Պահ մը ես եղայ միայն
զիջող,
համակերպող…
Բայց միշտ ու միշտ,
Դուն եղար հասկցող
ու ներող,
Դուն ինծի համար եղար
Անբաժան իմ միւս կէսը,
մխիթարող,
Վիշտս, ուրախութիւնս
բաժնող,
կեանքս իմաստաւորող...
1988