ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ ԱՆՀԱՇՏ
Զիս ծներ է իմ ժամանա´կը՝ դառնութեամբ լի,
Ու կոփեր հաւատքի կրա՜կը՝ այս հնոցին մէջ մեղքի.
Երբ ամէն ինչ շուրջս կրնար ըլլալ պարզ ու նախանձելի,
Բախտը նետեր է զիս յորձանուտի մը մէջ վայրի։
Զիս կերտեր է ո´ւժ մը միստիկ, նպատակի մը՝ գաղտնի,
Դրոշմեր ճակտիս՝ խաչի միւռոնը տառապանքի.
Որքան ալ յանդգնէի ուղիս դարձնել անշեղ ու բարի,
Բախտը զիս նետեր է վիհի մը եզրին ամեհի։
Կեանքը զլացեր է բազում յոյզեր սխրալի, վերելքներ արհի,
Բայց կրթեր է իմ մէջ անհունութի՜ւնը մարդո´ւն՝ անաղարտ.
Ճանապարհներ երկա՜ր բացուեր են իմ առջեւ բազմակողմանի,
Բայց ընտրեր եմ դժուարագոյնը՝ յատուկ միայն ճգնաւորի։
Բարդ ու անձեւ շինանիւթ է իմ արձանը հողեղէն,
Արժէքն անոր մեծ չէ, շրջապատի չափանիշերով կշռուած.
Հաւատքի ո՜ւժը միայն ոգեղէն կշիռք մըն է անոր տուած,
Արժեչափեր՝ որոնք նման խազերու, անցեալին մէջ են կորած։
Իմ կեանքը վերածուեր է կորսուած առիթներու բարդ գումարի,
Տարրալուծումը որու կ’արժէր քննել անգամի մը համար.
Ափսո՜ս, ալքիմիկոսներ դժուար թէ գտնուին տարբաղադրելու զայն,
Ես ի´նքս չեմ կրցած դնել զայն նժարի մը վրայ անաչառ։
Զիս ծներ է ժամանակը՝ պատրանաթափ ու բանսարկու,
Բայց թրծեր իմ մէջ ազնուագոյնը այս անհիւրընկալ աշխարհին,
Երբ ամէն ինչ իմ շուրջ կրնար դառնալ արժէքի վկայութիւն,
Մնացեր եմ ապերախտ սկզբունքներու գերին, բարիին երկրպագու։
Զիս սփոփեր են զեղումները գրչիս՝ մելամաղձոտ ու խրթին,
Հաւատալով թէ գէթ իմաստ մը տուեր եմ ես անոնց պարունակին.
Անողոք ժամանակին դիմաց կանգնած եմ առանձին,
Օր մը՝ գաղափարակից, ըմբռնող բազմութիւն գտնելու իմ կողքին։
2007