ՄԱՐԴԻԿ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ
Հանելուկ դարձած այս խառնաշփոթ աշխարհին մէջ,
Հարիւրաւոր տարիներու խօլական հեւքին դիմաց,
Ուր վերջը անվերջ, անբացատրելի
առեղծուած մըն է մեծ,
Ուր, յանուն բազմապիսի գաղափարներու
Եւ յանուն ծանօթ ու անծանօթ աստուածներու
Մարդիկ կը խոշտանգեն զիրար,
Արշաւի մը մէջ խելագար,
Ամէն ոք ի՜ր «փրկութիւն»ը կ’ուզէ պնդել,
Ամէն ոք ի՜ր «ես»ը կ’ուզէ փրկել...
Առեղծուած դարձած այս գոյութեան մէջ,
Երազները մեծ կը մնան հեռաւոր իտէալ,
Անրջական ցանկութիւն դիւրաբեկ.
Իղձերը գերագոյն լոկ խօսքեր են
սրտերու մատչելի,
Սակայն պարպուած ամէն լիցքէ,
արժէքներէ գերիվեր,
Ամէն ոք իր արժէքները կը ստեղծէ
Կ’ուզէ ծախել այս աշխարհին անհաշտ...
Մարդիկ այս աշխարհի
Կը ձգտին հասնիլ կատարեալին,
Ինչ որ տեղ սակայն բան մը կայ
Սխալ ու անկատար...
Հազարամեակներու թաւալումին հետ,
Կարծես յետադարձ նահանջ մը կայ
Նախնադարեան գոյութեան ու
ապրելակերպին,
Անկում կայ ըմբռնումներուն,
հաւատամքներուն,
արժէքներուն սրբազան...
Մարդիկ այս աշխարհի
Կը կարծեն հասած ըլլալ գերմարդկայինին,
Բայց ինչ որ տեղ սխալ համոզում մը կայ.
Մարդիկ կ’երթան կորստեան ուղիներէն
Հետզհետէ աւելի արագ
կատաղի
անմարդկային
Կը ձգտին գերագոյնին, Աստուածայինին,
Բայց այս ուղին ամբողջական կործանումի
Լայն ճամբան է մեղքի ու անէութեան...:
1989