ՄԵՆՔ
Մե՜նք, ամբոխին մէջ ստուար բազմութիւն անտէր,
Մե՜նք, լուսանցքը նետուած, լուծարուած բանակ անզօր,
Մե՜նք, հաշուեյարդարի ենթարկուած խի՜ղճը
Մարդկութեան զոհասեղանին վրայ...
Մենք ականատեսներն ենք
Արարքներու խաբէական,
Որոնք կը դաւուին քուլիսներու ետին։
Մենք անպաշտպան վկաներն ենք՝
Սուտի, թալանի ու կեղծիքի ծածկոյթին՝
մեզի պարտադրուած։
Մենք լուռ ամբոխն ենք
Խաբէութեան դիմաց՝ լռութեան դատապարտուած,
Հլու, հնազանդ ու համակերպ.
Մենք նշաւակն ենք կեղծիքին
ու կամակատարը միաժամանակ.
Մենք ծաղրն ենք դատարանի սեմին փորագրուած։
Մենք ճակտի քրտինքով վաստկածներս անանուն,
Քաւութեան նոխազներն ենք՝ մեղապարտ.
Մեզի սահմանուած դերերը գոհունակ կատարած,
Կ’առաքուինք մոռացութեան փոսերուն։
Մենք դատաւորն ենք ու վկան միանգամայն.
Դուրսը կը սպասէ դատապարտեալը ամբարտաւան՝
մեր կեղծ վկայութեան
Ու «անմե՜ղ, անմե՜ղ» հռչակող վճիռին՝
ինքնավստահ ու գոհունակ.
Մենք ականատեսներն ենք ու վկաները
Մենք դատաւորն ենք ու դատապարտեալը
Մենք բանտապահն ենք ու բանտարկեալը
Ատեանէն ներս առանց դատախազի։
Մենք լուռ վկաներն ենք ակամայ
Մեղսակցութեան կնիքը մեր ճակատին դրոշմուած...։
2007