ԿԵՂԵՔՈՒՄԻ ԴԱՐ
Կեղեքումի դարն է այս դարը կարծես։
Կը կեղեքեն զիրար մարդիկ օրն ի բուն,
Կը կեղեքեն մոլեգնօրէն, յամառօրէն,
Խիղճ ու պատիւ ծախած,
Քծինքով ու զիրար յօշոտելով կը կեղեքեն,
Ամբարտաւան գինովութեամբ կը կեղեքեն,
Մտերմութեան մէջ կը կեղեքեն,
Խաբելով ու շոյելով կը կեղեքեն զիրար մարդիկ
այս դարուն մէջ։
Տարօրինակ դար մըն է այս դարը կարծես։
Ինչե՜ր չկան այս դարուն մէջ,
Փառքի, պատիւի, աթոռի, դրամի, ստրկութեան,
Անձի պաշտամունքի այս դարուն մէջ։
Ամէն քայլափոխի,
նիստ ու կացի,
կերուխումի ու խնճոյքի պահի
Կը կեղեքեն զիրար մոլուցքով մը կատաղի,
Եսի համար կը սպաննեն զիրար,
Եսի համար կը սիրեն զիրար,
Եսի համար կը կեղեքեն զիրար
մարդիկ այս աշխարհի,
Այս դարու մարդիկ, տարօրինակ։
Ինչի՞ համար կը կեղեքեն զիրար,
պատիւ,
արժանապատուութիւն վաճառքի հանած
մարդիկ այս աշխարհի,
Ո՞ր դատաստանին առջեւ ամեհի
Կը պատրաստուին երթալու ընդառաջ։
Կեղեքումի դարն է կարծես այս դարը,
տարօրինակ։
Կեղեքում՝ ժողովուրդի մը ճակատագրին,
մարդոց ինչքին, ստացուածքին,
պատիւին ու հոգիին,
կնոջ ու զաւկին,
կրօնքին, եկեղեցիին,
բնութեան, աշխարհին,
սրբութիւններուն, հաւատքին,
գազանօրէն,
լրբօրէն,
Խաբուսիկ խօսքերով ու ճառերով,
Ատելութեամբ մը բուռն, ծայրայեղ։
Մարդիկ եւ ազգեր կը կեղեքեն զիրար՝
Տարուինեան օրէնքներով,
Ինքնապաշտպանութեան համար,
Եսի համար,
Այլոց մերժումին ու բնաջնջումին,
Տիրապետութեան համար,
Կը յօշոտեն, կը կոխկռտեն, կը շահագործեն զիրար՝
Վայրագօրէն, նենգօրէն ու չարաչար,
Տարօրինակ այս դարուն, դժբախտաբար,
Կեղեքումի այս դարուն, վստահաբար...։
2006