ՅԵՏԱԴԱՐՁ ՀԱՅԵԱՑՔ

Ինչ որ ըրինք, որպէս գործ, ա´յդ կը մնայ իրաւամբ,

Ծիծաղելի, աննշան գոյացութեան մէջ այս մեր,

Մնացածը՝ մի միայն անիմաստին ցոլքըն էր,

Զոր հասկնալ փորձեցինք - սակայն ի զո՜ւր – գէթ մասամբ…

Եւ դեռ ինչ որ կրնայինք իրօք ընել ու չըրինք,

Մեր այս թշուառ, քաշքշուած գոյութեան մէջ կարճատեւ,

Մեր սրտին վրայ կը մնայ կոտտացող ցաւ մը արդարեւ,

Որուն համար՝ դառնացած, լոկ ափսոսանք մը ունինք։

Ինչ որ չըսինք, բայց փոյթ չէ, մէկը կ’ըսէ անկասկած,

Եկանք-անցանք անշշուկ այս աշխարհէն վիրաւոր,

Լեցնելու համար խոր, դատարկ փոս մը հեռաւոր,

Որուն ահէն կը դողայ ապրող ամէն արարած...

2003