ՅԱՐԳԱՆՔ ՁԵԶ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՀԵՐՈՍՆԵՐ
Յաղթանակի ու յարութեան շունչն է համատարած:
Հայու սրտին մէջ արձագանգող յաղթութեան
երգն է խրոխտ ու հաստատ.
Արցախի լեռներէն ու կիրճերէն,
Երկինք բարձրացող վրէժի ու ցասումի
Կամքն է պատած որպէս նոր իրականութիւն,
Որպէս մեր մեծ երազին ծնունդը ոգեղէն...
Նոր յուշարձաններ կը կանգնին հիմա...
Անուններ պայծառ, դիւցազնական,
Կոթողներ համեստ ու խաչակիր.
Մերօրեայ հերոսներու յուշակոթողներն են անոնք,
Հպարտ կանգնած ինչպէս վէմ անառիկ,
Իբրեւ բողոք ու վրէժ չորս հազարամեայ...
Արցախի հերոսներն են անոնք սրբացած,
Այդ հողէն ծնած ու սնուած,
Այդ երկնքի արեւն ու լոյսը ծծած,
Դարերու կամքը մարմնաւորած,
Ծնունդն են անոնք գերագոյն զոհաբերութեան...
Յարգա՜նք ձեզ, մերօրեայ հերոսներ...
Կարելի չէ չխոնարհիլ ձեր դիմաց...
Դուք մեզի շնորհեցիք լոյսը վաղուան,
Հաւատքը՝ մեր ցեղի յաղթութեան, յաւերժութեան,
Պարգեւեցիք երազ մը յախուռն,
Երազը մեր վերականգնող պետականութեան.
Այդ սուրբ գործին,
Այդ վեհ իտէալին ու նպատակին,
Ի գին կեանքի՝ ձեր անձի նուիրաբերումը
Մեզի տուաւ նոր յոյս վաղուան:
Հայրենի լեռներուն վրայ ճառագայթող,
Հայուն հրաշքն է, իրականացած,
Պատգամ մը՝ գալիք սերունդներուն փոխանցուած...
Չկայ աւելի ազնիւ ու գերագոյն ճշմարտութիւն,
Քան այն սխրանքը, որ մարմնաւորեցիք
Դուք՝ Արցախի հերոսներ,
ազատութեան մարտիկներ
մերօրեայ առաքեալներ
հայոց բանակ հրեղէն:
Ափ մը հող... բուռ մը ժողովուրդ,
Կին, այր, ծեր ու երեխայ
Կուրծք ցցած հորդաներուն ծովածաւալ,
Նպատակ մը գերագոյն նժարի դրած,
Տոկացիք տիւ ու գիշեր
Ու հրաշքներ արարեցիք
վաղուան հաշուոյն...
Յարգա՜նք ձեզ մերօրեայ հերոսներ.
Շուշին, Մարտակերտն ու Հատրութը,
Լաչինն ու Սարսանգը ազատագրող,
Հայաստանի թիկունքը ամրացնող
Չխորտակուող ապառաժներ,
Պատմութիւնը պիտի ոսկետառ գրէ
Ձեր նուիրումը անանձնական...
Ձեր անունը թող քանդակուի յաւերժ,
Ձեր կամքը թող մնայ անսասան
Ու պարտադրէ իր վճիռը՝
Նոր օրերու մեր իրականութեան վրայ:
Ահա այն ատեն միայն մենք կ’ապրինք,
Կ’ապրինք «երկաթեայ շերեփներ»ու իրաւունքը,
խորհուրդը մարմնաւորած,
Կ’ապրինք պատուով, հպարտ ու անսասան,
Նոր էջ կը բանանք
Անցեալի տխուր յուշերը վանած
Ամօթի ու պարտութեան բարդոյթէն ձերբազատուած,
Վաղուան կը նայինք յաղթութեան
հպարտութեամբ գօտեպնդուած...
Յարգա՜նք ձեզ, նորօրեայ հերոսներ,
Ու յարգանք ձեր ուխտին մեզի կտակուած...
1994