ՅԱՆՑԱՆՔ
Ես յանցանք գործեցի
Հեզ իրիկուն մը
Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց։
Ցայգալոյսին
Վերջին անմեղն էի
Վիրաւոր ծիծեռնակը
Հարաւային կողմն աշխարհի։
Հանդիպման վայրին մէջ
Ձիւներն ի վար
Քարափներու երգը հիւսեցի
Թախծոտ քնարը ձեռքիս
Սիրերգութիւն յուշամատեանին դրոշմեցի
Բառերուն անունը լուսէ։
Անապահով օրեր
Ու անիծեալ տարիներ
Ինքնութեան մեր խճանկարը
Լուռ մաքառում էր
Հայուն բեկորներէն վերընձիւղած։
Օրերուն պսակը
Անթեղուած սէր մը
վերջին կաթիլները
Գիշերային անձրեւին նման
Պատմութեան ճիչին մէջ
Գլխատուած դարին։
Ականատես ու լուռ վկաներ չկային
Բացի մեղաւորուհիէն
Պաշարուած ամրոցի մը
Անրջական վաղորդայնին նման.
Այս է մարմին իմ
Հոգւոյս չընթերցուած էջերէն դուրս...
Ոսկի աշուն
Յիշատակի խնկաման
Մենութեան գիշեր եւ երազանքներ
Ես յանցանք գործեցի
Հեզ իրիկուն մը.
Մարդը անմահ է։