ԱՆԹԵՂՈՒԱԾ ՍԷՐ

Կտոր մը թղթիկ՝

Անցեալէն մասունք մնացորդաց

- Գրքի մը ներքեւ մոռցուած -

Զիս կը տանի ետ՝ ուղիղ քառորդ դար։

Կ’ըսես.- Փնտռեցի քեզ ամէն տեղ ու չգտայ.

Կը մեկնիմ ծովափ. կը սպասեմ հոն քեզի։

Ո՜հ, ինչպէս չյիշեմ այդ միջօրէն խառնակ,

Երբ կը փախչէի ես քեզմէ‏,

Քիւփիտի նետերէդ վիրաւոր ու խոցուած.

Ցանցիդ մէջ հրակէզ սիրոյ

Ինկած էի ի վերջոյ։

Ու ակամայ ես գացի.

Նստայ կողքիդ՝ համակերպող աշակերտի մը պէս,

Որոնող աչքերուդ դիմաց՝ դիմակազերծ ու մերկ.

- Կը խուսափի՞ս ինձմէ, ըսիր։

= Խենթ բաներ կը խօսիս։ Կը թափառէի, շշնջեցի։

Կը դիտէի հեռո՜ւն, հորիզոնը բոցավառ,

Վերջալոյսի ծիծաղկոտ նայուածքներէն խոցուած.

Սիրոյ անդաստանէն ներս իմ դողդոջ քայլերով,

Կը փորձարկէի սիրոյ քաղցրութիւնը համակ

Ու մօտակայ բաժանման դառնութիւնը լեղահամ:

Ես նոր ծնած մանուկն էի, սիրոյ աշխարհին թեւակոխող։

Բայց դուն կը տեսնէիր թերեւս

Մեր անմեղ սիրոյ վախճանը մօտալուտ.

Մեր սէ՜րը՝ որ խմիչքին առթած ջերմ ապրումին նման,

Պիտի մարէր առկայծող վաղորդայնին մէջ,

Ու դառնար յիշատակի անրջական խնկամանին

մոխիրը հանգած։

Այո՜, դուն գիտէիր...

Անթեղուած սէ՜ր մը՝

Անցեալէն մասունք մնացորդաց

Կտոր մը թղթիկի վրայ կը մնայ որբացած...։

2005