ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ

Տագնապներուս,

Մտածումներուս,

Հոգելլկումներուս ընդմէջէն

Չծնող Յոյսին անդոհանքը կ’ապրիմ այս գիշեր.

Անհաւատիս գուցէ տա՜ր դեղագիրը մորմոքներուն

իր մէջ տիրակալած

Կարճատեւ սպեղանի մը թէկուզ

- հրաշքի համազօր -

Մինչ ազատագրութեան պահը կը յամենայ

ցնոր տնօրինութիւն։

Անձկութեանս,

Անդոհանքիս,

Յիշողութեանս անապատին ընդմէջէն փոշիացող

միրաժի մը նման ձգտուող

Չմարող Սէրը կը փառաբանեմ այս գիշեր.

Եթէ կրկին տիրէր իմ հոգիին զառամած

Թերեւս նոր ճախրանքի թեւեր տար կրկին.

Բայց սէրը չմարող երազը չէ՞ միթէ՝

Չարին ճիրաններուն մէջ դատափետուած

- Ապրիմ-մեռնիմի թերթիկներուն նման -

Որու պատասխանը յոյսին վկայութիւնն է միշտ եղած.

Սպասումներուս,

Երազներուս,

Յոյզերու ամէնօրեայ ուղեւորութեանս ընդմէջէն

գլխահակ ու յամրաքայլ

Ապրելու անյագ մղումիս կը զարմանամ ես.

Եւ կը զարմանամ իմ զարմանքիս տարօրինակ,

Հակառակ վտիտ յոյսին մեր կառչած,

Անկորոյս սէրերուն աշխարհիս վրայ յամեցող,

Վաղուան, որ արեւին խորհրդաւոր ահագնութեամբ

Պիտի կրկին ծագի մեր վերեւ

բարեպաշտ մօր նման։

2005