ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կ’ուզեմ չմտածել այլեւս...
Չզգալ որեւէ բան...
Կը ցանկամ միայն մէկ բան.
Հեռացմանդ ուղին ըլլամ:
Կ’ուզեմ չխորհիլ այսուհետեւ
Թէ քեզմէ ետք կեանք մը կայ
Ապերախտ
տառապալից
Կ’ուզեմ հաւատալ միայն
- Թէկուզ ինքնախաբութեամբ-
Որ մռայլ հոգիս լուսաւորող
Միակ աստղն էիր պայծառ,
Ու սիրոյ աղբիւր մը անսպառ՝
Գոյութիւնս իմաստաւորող...
Կ’ուզեմ չհաւատալ հիմա
Թէ երազ մըն էիր գեղեցիկ
անցաւոր
Գիտեմ որ յաւէտ պիտի մնաս
Ներշնչման աղբիւր մը մշտահոս...
Միշտ նորոգուող…
1984