ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՍԷՐ
Խորհրդաւոր իմ սէր...
Քեզ կ’որոնեմ երեկոյեան մենութեանս մէջ,
Հոգեմաշ թափառումներուս մէջ ծովեզրին,
Քեզի կը սպասեմ ամէն րոպէ ու ժամ,
Կը սպասեմ ճառագայթումիդ մօտալուտ...
Արշալոյսին նման որ խաւարը կը փարատէ,
Փարատէ՜ տրտմութիւնս, վշտերս, ցաւերս...
Կը սպասեմ երեւումիդ նուիրական,
Երբ նետուիս պիտի գրկիս մէջ
կարօտով մը անյագ,
Ու սիրես զիս անօրինակ տենչանքով,
Սիրոյ քաղցր ու անհո՜ւն հուրով:
Որոնումներուս ու սպասմանս առա՜նցքը,
Սիրոյ յաւերժութիւնն ես անհո՜ւն.
Քեզի կը սպասեմ յոյսով,
Մօտալուտ հանդիպման հաւատքով...
1985