ԽՆԱՅԵՑԷ՛Ք ԻՆԾԻ
Եթէ յաջողիք հեռանալ միօրինակութենէն ապարդիւն,
Մարդկութեան մեղկ, վայրագ ու անասնական բնազդէն,
Եթէ դադրեցնէք փողերը թնդիւն անվերջ մարտերուն,
Տեսնէք մարդը՝ կը շահի վաստակը իր հեզ քրտինքին,
Եթէ տեսնէք ծերեր՝ ուրա՜խ ու երջանիկ, մանուկի նման,
Կը քաղեն բարիքները իրենց երկարատեւ պայքարին,
Եթէ յաջողիք նոր գարունի մը նշոյլներով ողողուիլ,
Այս դարու արժէքակուլ մրրիկներուն մէջ անողոք,
Եկէ՜ք ինծի այն ատեն ու բերէք բարի լուրը ըղձական,
Որ ձեզ գրկեմ ու համբուրեմ, ո՜չ Թովմասի հաւատով,
Այլ՝ մեղանչողիս սխալածի լրիւ խոստովանութեամբ։
Առ այդ, խնայեցէք ինծի ձեր խօսքերը ապարդիւն,
Բարեմիտ, ու ձեր կարծիքները կեղծ ու պատիր։
Ամէնուրեք նոյն նուագն է բարձրաղաղակ,
նոյն ժխորը՝ խժալուր,
Ամէնուրեք նոյն պարն է խօլական՝
բեմահարթակին վրայ երերուն։
Զերծ կացուցէք զիս ձեր ճառերէն պոռոտախօս,
Թողէք զիս սեղմ վիճակիս մէջ գիտակցական.
Իմ գիտութիւնս էր սահմանափակ,
ձերը թող ըլլայ անհո՜ւն,
Ձեր աստուածները յաղթեցին, Իմս՝ անզօր էր այնքա՜ն...։
2011
ԲԱԳԻՆ, ԽԹ. տարի, Հոկտ.-Դեկտ. 2011, Թիւ 4, էջ 22։