ԽԱԲԿԱՆՔ
Քաղաքին մէջ այս բազմազգեան,
Քալեցի ես այլոց ոտնահետքերով,
Նոր կեանքի մը հաստատ վճռակամութեամբ,
Երազներս սակայն շուտով փշրուեցան...
Ուրիշներուն նման զիս կանխած
Ես ալ դարձայ զոհը տգեղ իրականութեան.
Խմեցի դառնութեան բաժակէն, որ
Վիճակուած է այս ժողովուրդներուն տարբաժան:
Չհաւատացի ըսուածներուն ու
Կարծեցի ես տարբեր պիտի գտնեմ զայն:
Տեսայ ահաւոր բախումը՝
հինին ու նորին,
մշակոյթներուն այլազան,
բարքերուն անկապ,
անհամապատասխան,
Տեսայ մարդի՜կը ընկճուած,
հարուստը՝ ճնշած աղքատին վրայ,
նիւթը դարձած օրէնքը կեանքին,
փնտռտուքը վերջին.
Ու տեսայ համակերպող մարդուն
Տառապանքը, ինքն իր պատեանին մէջ քաշուած,
իր տագնապներով խոցուած.
Առօրեայ հոգերու ու հացի պայքարով
Կլանուած ժողովուրդ մը,
որ չունի հանգիստ,
ելք մը՝ այս անդուլ հեւքէն,
Ինկած է գերող հազարումէկ
որոգայթներուն մէջ անոր...
Ու դեռ կու գան նոր հոսանքներով,
Նոր կեանքի մը յոյսերով,
Կու գան երկրագունտի բոլոր ափերէն,
Դրախտի ու փրկութեան երազներով...
Սկզբնական կարճ պահ մը միայն ցնորական,
Իսկոյն կը դառնան գերին՝ կլանող հոսանքին
կատաղի։
Ես ապրեցա՜յ ու տեսաʹյ ճշմարտութիւնը՝
երբեմն բացայայտ,
երբեմն ալ գեղեցկօրէն շղարշուած.
Հաւատացի վերջապէս, որ ինծի ըսուածը
Այս աշխարհի ամբողջական իրողութիւնն էր՝
պարզ ու յստակ...:
1994