ԻՄ ԵՐԳԸ

Իմ կեանքի երգը տարտամ,

Ես կ’երգեմ լո՜ւռ ու առանձի՜ն,

Կ’երգեմ գիշերին անմխիթար,

Ու կ’երգեմ արշալոյսին նորարար,

Բայց իմ երգը, տխուր ու վշտահար,

Կը դառնայ մեղեդի մը՝

կեանքի աղջամուղջին մէջ կորած,

Կը մնայ չսպիացած վէրք մը՝

մարդկութեան ճակատին խարանուած...

Երգն իմ հարազատ ու անխոնջ,

Դառնալու է անպայման

Լսելի աղաղակ մը հոգիէս ծորած,

Ու լսելի ողբ մը շատերու ուղղուած.

Անոնց՝ որոնց երգը կը մնայ չերգուած,

Ու անոնց, որոնց ձայնը կը մնայ խեղդուած,

Կեանքի անյայտ ու մեղկ աղաղակներուն

խորերը թաղուած...

Իմ կեանքի երգը սովորական

Ես կ’երգեմ հովին ու աստղերուն,

Թող անոնք փոխանցեն զայն դարերուն,

Թող եւ փոխանցեն գալիք սերունդներուն,

Կարող են փոխանցել խղճահարներուն

ու քարացած սրտերուն...

Մի գուցէ երգեն անոնք ալ օր մը

Իմ կեանքի երգը խեղդուկ,

Ողջակիզումը մարդուն լո՜ւռ,

Բարբարոս ու անմարդկային այս երկրի վրայ...:

1987