ՔԱ՜ՂՑՐԻԿ ԱՆՈՒՐՋ

I.

Յաւերժահարսի մը նման Ճաճանչագեղ,

Գրկաբաց, կանգնած դիմացս հիմա,

Խարազանող աչքերով կը պեղես հոգիս,

Կարդալու՝ շրթներուս վրայի բառերը անթեղուած,

Սրտիս տագնապները առկայծուն

Ու յուշելու սէ՜րդ բոցավառ։

Մերթ նայուածք մը ծածուկ ու

Մերթ դալկացած ակնարկ մը նուաղուն,

Դուրս կու գան բիլ աչքերէդ հրահրուն՝

Հառաչանքի մը նման թախծայուշ:

Իմ անկարելի սէր, դո՜ւն

Իմ մտքի յաճախանքը մնայուն,

Եկո՜ւր:

II.

Մտորումներուս թանձրախիտ անտառներէն

Կը քալես ոտաբոբիկ ու յամրաքայլ,

Չխանգարելու մտքերս ցրուած:

Կը փշրես ճամբիդ տերեւները չոր ու ցամաք,

Կը կոխկռտես կիսարթուն ճճիները

ամէն քայլափոխի։

Կը նշմարեմ քեզ, թէկուզ՝

Աչխփուկի անմեղ խաղերուդ մանկական,

Ու կ’որոնեմ ծառերու ետին թաքնուած

դէմքդ կիսափայլ։

Ո՜վ իմ անուրջ ինքնասոյզ պահերուս,

Ու անհիւրընկալ թախծութեանս քաղցր հպում:

Եկո՜ւր մտերմութեանս մէջ գիշերին,

Երբ ա´լ մինա՜կ է հոգիս անդորրաբաղձ,

Խօսէ´ ինծի սիրոյ գաղտնիքներէն անհուն,

Եւ շնորհէ՜ ինծի երանութիւն անանձնական:

III.

Երբ լռութիւն պատէ աշխարհին կրկին,

Ու փոշիները հանգչին փողոցներուն յոգնատանջ,

Հոգիս կը վերադառնայ մեկնակէտին, որու շուրջ

Կը թաւալին հին ու նոր անուրջներս բարեյուշ։

2010

ԲԱԳԻՆ, ԽԸ. տարի, Ապրիլ-Յունիս 2010, Թիւ 2, էջ 29-30։