ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ

Խօսքին ու գործին միջեւ

Կայ ճանապարհ երկար...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Զանգուած մը կը տուայտի

Մո՜ւթ ու մոլար գիշերուան մէջ

Անձկութեամբ...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Կայ ճշմարտութիւն մը՝

Արգելափակուած ու եղծուած...

Կայ անկեղծութիւնը գերեվարուած...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Կայ խաբկանքը՝ խոստմնալից ապագայի...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Կան շահեր նժարի վրայ դրուած...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Կայ Ե՜ս մը կորսուած...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Երազներ կան արցունքի լուռ շիթերու վերածուած...


Խօսքին ու գործին միջեւ

Կայ զանգուած մը հիասթափուած...

2007