ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Լո՜ւռ տարրալուծումի,
Քայքայումի պահն է դաժան...
Իսկ մենք
Հանդիսատեսներն ենք տարամերժ:
Կը տարրալուծուի մեր աչքերուն դիմաց մերկ,
Բո՜ւռ մը հող, որուն կոյրի մը նման փարած՝
Գոյութեան մը անողոք օրագրութիւնը գրեցինք
Արիւնով, տագնապով ու սիրոյ ջինջ զեղումներով...
Բոլոր ճանապարհները հիմա անդունդ կ’առաջնորդեն.
Մարգարէներն անգամ անելին դիմաց՝
շշմած կը կակազեն.
Եթէ փրկութեան ճիգը վերջին դառնայ ապարդիւն,
Ու թօթափեն աւատապետները իրենց շալակէն
այս «բե՜ռը» ծանր,
Տխո՜ւր գուշակութիւններ պիտի դառնան իրողութիւն,
Ու կորսուի պիտի յաւէտ երկի՜րն այս չքնաղ։
Անցորդ առաջին.-
Արմատախիլ կ’ըլլան մայրիներդ՝ հրոյ ճարակ դարձած,
Ու դուն կը դիտես զանոնք՝ անտարբե՜ր, անձնատո՜ւր...
Անցորդ երկրորդ.-
Ատելութիւնը կը սրբէ անունդ հնամեայ, իսկ դուն
Համակերպ, կը սպասես դահիճի վերջին հարուածին...
Անցորդ երրորդ.-
Գեղեցիկ հոմանուհի մըն էիր շռայլ ու անոխակալ,
Կը դիտէին դարանակալ, կը փորձէին տիրանալ քեզի:
Անցորդ չորորդ.-
Աւազամրրիկի մը մէջ նետեցին ու բզկտեցին անխնայ,
Պայքարեցար հերոսաբար, դիմադրեցիր մեծ դաւին,
բայց աւա՜ղ...
Անցորդ վերջին.-
Աստ hանգչի...
Յամի Տեառն 2007 թուին, մռայլ առաւօտ մը,
Երկար մաքառումներէ ետք
Իր մշտնջենաւոր հանգիստին մտաւ
մայրիներու երկիրը.
Թող Տէրն Աստուած իր երկնային թագաւորութեան մէջ
Անոր հոգիին խաղաղութիւն պարգեւէ անվարան...
Իսկ հո՜ս, երկրի երեսին, հողը թեթեւ գայ վրան...
2007