ՎԱՍՆ ԻՆՉԻ՜

Այս գիշեր

Կ’ուզեմ ըլլալ աշուղ մը թախծոտ,

Երգելու մարդկութեան ցաւերը,

Կսկիծներն ու անհուն դառնութիւնները,

Եւ ունա՜յն, ոլորապտոյտ ընթացքը

Որուն օղակը օրէ օր կը սեղմուի,

Իր մէջ կ’ագուցէ մարդկութիւնը ամբողջ:

Այս գիշեր

Կ’ուզեմ երգել անվե՜րջ տառապանքը մարդուն,

Որ սերունդէ սերունդ կը խարխափէ՝

Անորոշ ճակատագրի մը սիրոյն...

Ու դեռ կը հաւատայ Սպասուած Օրուան՝

Որ իմաստ ու փրկութիւն պիտի տայ

Իր քաշքշուած գոյութեան...:

Աստուա՜ծ իմ, որքան վիշտ կայ

Մարդուն հոգիին խորքը թաքնուած.

Որքան արցո՜ւնք ներաշխարհն է ողողած.

Եւ դեռ համբերութիւն, հաւատք,

Այդ արցունքը ընկալելու,

Վիշտը խեղդելու,

Յանուն այդ փոսի՞ն եղերական:

Ինչո՞ւ այս աշխարհը

Եթէ այսքան փոքր է ան մարդուն համար.

Եւ ինչո՞ւ այսքա՜ն չարչարանք...

Վասն ինչի՜ այս բոլորը, Տէ՛ր...:

1985