VICIOUS CIRCLE

«Կրօններու պատերազմ» անունին տակ

դարե՜ր ամբողջ

Մարդկութիւնը տուայտեր է անվերջ պատերազմներու

ահեղ գուպարի մը մէջ

սեւի ու սպիտակի միջեւ ընտրութեան

պարտադիր բեւեռներու միջեւ.

Արդիւնքը՝ միայն մահ, քանդում ու աւեր....

«Մշակոյթներու, գաղափարախօսութիւններու բախում»

Ստեղծեր են մարդիկ,

Իրենց նպատակներուն որպէս միջոց ու քարոզչութիւն,

Տիրելու, կեղեքելու արշաւի մը մէջ հեւասպառ.

Հետեւանքը՝ տարանջատում մարդկութեան ու ազգերու.

Պատգամեր են, թէ՝ «նպատակը կ’արդարացնէ միջոցը»,

Որպէս մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց,

Անխնայ կերպով կոտորելու, աւերելու ու սպաննելու...

Հակոտնեայ, իրերամերժ աշխարհ է մեզի հրամցուած,

այլեւ՝ պարտադրուած,

Իսկ մենք վերածուեր ենք մեծ խաղի

կամակատար լծակներուն լռելեայն.

Սերունդներ եկեր ու անցեր

մասնակցեր են այդ մեծ խաղին,

կատարեր են իրենց վստահուած՝

իրենց պարտադրուած դերերը,

հլու-հնազանդ,

եւ անցեր...

Ու հիմա կու գան նորերը...համակերպ կրկին,

Կը խաղան իրենց վիճակուած դերերը գոհունակ

Ու կ’երթան...

Այս անվերջ շրջանը՝ ոլորապտոյտ,

Ինքնանպատակ այս թաւալումը ապարդիւն,

Ո՞վ պիտի կասեցնէ ի վերջոյ...

Ո՞վ պիտի հատէ գորդեան այս հանգոյցը խճճուած,

Ու ե՞րբ...

2006