ԿԱՐԱՒԱՆՆԵՐ ԱՆԴԱՐՁ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ
Տարուէ տարի ա´լ աւելի կը մեկնիք անդարձ,
Հայրենի շէն ու աւան լքած կը հեռանաք անվերադարձ.
Դրա՞խտն է իր դուռը լայն բացած ձեր դիմաց՝
Թէ՝ հանքեր ոսկիի կը սպասեն ձեզի գրկաբաց.
Անտէր ու ամայի լեռները ձգած՝
Ո՞ւր կ’երթա՜ք այդպէս շտապ, կարծէք գժտուած։
Պիտի հասկնաք ուշ կամ կանուխ, անպայմա´ն,
Թէ հայրենիքն է միայն փրկութեան լաստը վերջին.
Ո՜ւր ալ երթաք, որ աստղի տակ ալ ըլլաք, պիտի ափսոսա՜ք.
Հայրենի հողն է միայն հայուն օթեւանը վերջնական։
Պիտի հասկնաք վաղ թէ ուշ, վստահաբա´ր,
Թէ՝ օտար ամայի ճամբէքի վրայ չկա՜յ խաղաղութիւն,
Որքան ալ ուրիշներ համոզէք, պիտի չյաջողիք դուք ձեզ
Խաբել, բայց թանկ գինը միայն դուք պիտի վճարէք։
Ե՞րբ պանդուխտի ցուպը պիտի շպրտենք մեր ձեռքէն,
Սփիւռքը դադրի հայու ճակատագրին չար խաղը ըլլալէ,
Ե՞րբ պիտի հայրենի հողի կանչին անսանք միահամուռ
Ու հզօր երկիր կերտենք մեր ոտքերուն տակ ամուր։
Ե՞րբ պիտի դադրինք մեր բախտը անիծել ու համոզուինք,
Որ ճակատագիրը ազգերը իրե´նք կը գրեն արիւնով, հաւատքով,
Ե՞րբ պիտի մենք՝ Հայկի զաւակներս արիական, վաղուա՜ն նայինք,
Ու մեր հայրենիքը տեսնենք ալեհեր Մասիսի շուրջ բոլորուած։
Ե՞րբ պիտի կարաւանները խոնջած՝
Տուն վերադառնան շարան-շարան...
2004