ՏԱՐԻՆԵՐ
Ես ու դուն երկար ճամբայ կտրեցինք միասին,
Իմ կեանքի ընկե՜ր հարազատ.
Դուն՝ յագեցած կեանքի խորհուրդներով այլազան,
Ես՝ խորացած այդ խորհուրդներու բացատրութեամբ.
Քալեցինք միշտ միասին,
Երբեմն հաշտ իրարու,
Երբեմն ալ` իրարմէ գժտուած.
Հարցադրումներուս երկար շարքին
Յաճախ պատասխաններ յաջողեցայ գտնել
Ու դուն օգնեցիր ինծի մշտապէս
Բայց շատ հարցեր մնացին անպատասխան,
Ու մնացի անոնց փնտռտուքին մէջ,
Ուղեւորութեանս ընթացքին մէջ պատրանաթափ:
Տարինե՜ր…
Աննշան թիւ ու պարզ համրանք թուաբանական,
Բայց եւ շահուած իմաստութի՜ւն թանկագին,
Տառապանքի ու ցաւի ամբարուած պաշա՜ր հսկայ,
Մաղուած արժէքներու գումար վտի՜տ,
Ու երանութեան պահեր ժլատ՝ բայց յիշատակելի՜,
Տարբեր սէրերու գումար մը ազնիւ ու յարատեւո՜ղ…
Այսքան բան՝ ու տակաւին անաւարտ,
Իմ կեանքի ընկե՛ր անբաժան:
Ապրուած տարիներ կեանքի մը, ապերա՜խտ,
Որ հաշիւ ունի տալիք ոչ ոքի,
Ուղեկիցներ ենք մենք երախտապարտ,
Պիտի քալենք միասին կամայ-ակամայ,
Մինչեւ հանգրուան մը, մեզի բախտ վիճակուած,
Հուսկ թօթափելու կեանքի նժարին վրայ
Մեր ապրուած օրերու գումարը՝ որպէս վաստակ:
Մենք երկար ճամբայ կտրեցինք միասին,
Իմ կեանքի ընկե՜ր հարազատ: