ՏՈՒՐ ԻՆԾԻ ՏԷ՜Ր
Ամէն բանէ աւելի
տուր ինծի իմաստութիւն, Տէ՜ր,
Կեանքիս մէջ խաւա՜ր,
թող դառնայ միակ ջա՛հը անմար:
Թող ամէն նոր օր
դառնայ պատգամ մը իմաստաւոր.
Որպէսզի օրէ օր
կարենամ ըմբռնել խորհուրդներդ խորհրդաւոր:
Իմաստութեան հետ մէկտեղ,
տուր ինծի տաղա՜նդ մը հանճարեղ,
Որպէսզի մարդկութեան անմեղ,
պարզեմ ձգտումդ անշեղ...:
1985