ԹՈՆԻՐԻՆ ՇՈՒՐՋ

Թոնիրին շուրջ ճարճատիւն,

Շիկացած դէմք մը,

Գինիի բաժակներ,

Ծխամորճս բուրումնաւէտ

Ու մատեանը Չարենցի:

Երկունքի պահն է ներանձնական.

Երազներով թեւաւոր կ’երթամ հեռո՜ւ,

Կղզիի արծաթավառ ծովափի եզրին,

Գրկելու մոգական տեսիլքը սիրոյս,

Որ կը քալէ տարփանքներովն իր հոլանի

Կիսամերկ մարմինը ցցած գիշերային զեփիւռին:

Առանձինն, լայնատարած ծովափին,

Բազուկներուս մէջ կը խայտար հուրն իր սրբազան,

Ու տարերային ալիքի մը նման կը հոսէր

երակներէս վար,

Իսկ ես, երկունքի այդ պահուն,

Հարբած՝ իր սիրով խելագար,

Կը յանձնուէի մեղքի ու կիրքի մեղկ արարքին…

Չարչրկած գլուխս հանգչեցուցած մարմնին հոլանի,

Կ’ունկընդրէի խռովքը հոգիին, զարկերը սրտին.

Ու հոգիս հետզհետէ կը սուզուէր երանութեան

Ոլորտներուն մէջ, ու կ’երթար անհունին մէջ գալիքին…

Լո՜ւռ այդ տռամը եղաւ նուիրական յիշատակ,

Դարձաւ հեշտանքի պահ մը անմոռաց.

Գինին, դաւաճան, կը գրգռէ յուշերը երէկի,

Կը նետէ գիրկը տխրութեան թանձր մշուշին:

Դուրսը ցուրտ է... լեռնային քամի,

Կը ձիւնէ հանդարտ, անընդմէջ,

Սուլոցն հովին կը ճեղքէ պատերը շիկահար,

Կը թափանցէ հոգւոյս ծերպերը խոնաւ,

Սարսուռով մը խօլական...

Թոնիրին շուրջ ընկողմանած,

Շիկահար դէմք մը, ու

Սիրավառ իմ հոգին.

Կ’ըմպեմ գինիի վերջին կաթիլները հաճոյալից,

Կ’երթամ ննջել լլկուած մտքերով,

Առաւօտ է արդէն ու աւարտը տռամին...:

1987