ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԶԳԱՑՈՒՄ

Տարօրինակ զգացում մըն է

Հեռանալո՜ւ, փախչելո՜ւ զգացումն այս

տղայական.

Սիրելիները լքելու, ընդմիշտ փախչելու

Ձգտումն այս անբացատրելի

Հիւանդութիւն մըն է անբուժելի...

Կորսուի՜լ կ’ուզեմ հորիզոնի անհունին մէջ,

Կորսուի՜լ՝ գալիքին մէջ խաբէական.

Դառնալ կապոյտ լուսէ ցօղը առաւօտեան

Մաքրո՜ղ, սրբագործո՜ղ.

Դառնալ սպիտակ ամպի նման յուզո՜ղ,

Մեղքերն աշխարհի ընկալող.

Ըլլալ աներեւոյթ, խորհրդաւոր ոգի մը՝

Լուսափայլ ապագայ մը աւետող...:

1987