ՏԱՊԱՆԸ ՆՈՅԻ

Ձիւնածածկ լեռներու հալոցին հետ

Ճամբայ ինկաւ նաւը վտարանդի´,

Անդարձ իր ուղեւորութեան հետամուտ:

Ճեղքելով ովկիանի տարածքները անհուն,

Ղեկը կորսնցուցած նաւու նման,

Տապանը Նոյի,

Հիւսիսի ու հարաւի քամիներէն տարուբեր,

Մտաւ իր հեռակայ ճանապարհի ուղիները

խառնափնթոր։

Հեռուէն՝ Դիդանիքի շքեղ կերպարանքով

Հպարտօրէն կը ճեղքէ ափերը հրաշագեղ.

Լե՜ռը չէ իր փարոսը, իր կիզակէտը այսուհետ,

Ոստաններ շքեղ տուն են դարձեր

ու հանգրուան ցանկալի:

Կը թօթափէ իր բեռը պարբերաբար,

պարագայաբար,

Երբեմն ըստ բախտի, երբեմն ալ՝ պարտադրաբար,

Կորստեան ուղիներուն վրայ,

Նոյն ճակատագիրին ընդառաջ:

Գացէ՜ք անդարձ ճանապարհներէն քաղցրաբոյր,

Բայց դէպի ո՜ւր, գիտէ՞ք, դէպի ուր,

Ո՜ր բախտին ընդառաջ

Կ’‏‏երթայ ձեր նաւը անուղղայ:

Մի՞թէ ջրհեղեղ մը պիտի բերէ ձեզ կրկին տուն,

Թէ՞ վերադառնայ պիտի տապանը

նոր ուղեւորներով օտարական:

Այն ատեն ո՜ւր պիտի ըլլաք դո´ւք,

Իմ ցեղի մնացորդա՜ցը տարանջատ:

Մի՞թէ լուռ մահաքունի ձեր ապարանքներէն

Կ’երազէք երբեմնի սարերը ձիւնածածկ,

Բայց ապարդիւն... ան՝ ա´լ ձերը պիտի չըլլայ...

Մի՞թէ Նոյ մը պիտի գտնուի կրկին,

Հաւաքելու այս ցեղը Մորփէոսի ճիրաններէն,

Ու առաջնորդէ տո՜ւն, քանի դեռ ուշ չէ...

Մի՞թէ ջրհեղեղ է պէտք կրկին: