ԹԱՂՈՒԱԾ ԾԻԼԸ
Նկար մը՝
Փոշեթաթախ անցեալին ընդմէջէն վերընձիւղած,
Պիտի փոխադրէր զիս բաժանման պահին աղմկոտ,
Մօրմէ նորածին, լալկան մանուկի պահին նման,
Կարծես արձակուած նետ մը ըլլար անորոշին մէջ մութ։
Ժամանակը դարձաւ գրաւականը մոռացութեան,
Դատաւորը՝ վճռորոշ, սիրոյ մեր ոդիսականին։
Բաժանումին հետ,
Սիրոյ ծիլը թաղուեցաւ աւազներուն տակ սորուն,
Չջրեցին զայն ո´չ իմ ձեռքերը ոչ ալ կամքս անկայուն,
Յուսալով որ պիտի ծաղկի գարնան օր մը բախտաբեր
Ու վերածուի հսկայ ծառի մը բազմաճիւղ.
Սակայն, ափսո՜ս,
Ան դարձաւ մոռացութեան դաժան ճակատագրին զոհ։
Հողամրրիկներ շա՜տ՝ բարձրացան կապոյտն ի վեր,
Սիրոյ այդ ծիլը սակայն աւազէն դուրս չեկաւ երբէք։
Հաշտուեցայ կարծես ժամանակի դատաստանին հետ։
Յետադարձ ակնարկով մը գիտեմ հիմա,
Թէ մեր սէրը՝ որքան ալ ջերմ եւ անկեղծ՝
Չէր կրնար ըլլալ երկարատեւ սխրանք,
Չէր կրնար տոկալ մեր խառնուածքին անհաշտ։
Դուն ու ես կաղապարներ էինք տարբեր,
Դուն արձան՝ կուռքի պէս, իսկ ես՝ մարմին ոգեղէն.
Դուն՝ յախճապակեայ թաղար մը դատարկ,
Իսկ ես՝ մայրիի ծիլ մը, որ կ’աճի հողին մէջ միայն...
Պարագայական մեր սէրը կարճատեւ
Եղաւ զուգորդութիւն մը պատահական
նիւթեղէնի ու ոգեղէնի
Ու մնաց անցեալի մէջ թաղուած քաղցր յուշ միայն.
Յիշատակիդ համար այս պահուն
Կը մնամ տարօրէն երախտապարտ,
իմ մոռցուած սէ´ր...
2004