ԱՆՀԵԹԵԹ ՊԱՐԸ

Ո՞վ կրնայ բացատրել

Թէ ի՞նչ կը պատահի հիմա հոս,

Բաբելոնեան այս քաղաքին մէջ առեղծուածային։

Ինչո՞ւ, երբ ազատագրուած է հողը վերջապէս,

Ու ազատութեան արեւն է ծագած անոր վերեւ,

Ազատագրուած չէ մարդուն հոգին՝

Իր անցեալի ախտահալած կապանքներէն,

Ստրկամտութեան երբեմնի ճիրաններէն՝

Որոնք կը շարունակեն արիւնել մարմինը բզկտուած,

Հազարումէկ բարդոյթներով ենթակայական,

Հին ու նոր վասալներու որոնումով մը սադայէլական։

Ո՞վ կրնայ բացատրել

Թէ ինչո՞ւ մահուան սարսափն է դեռ տիրական.

Ինչո՞ւ արիւնաքամ կը քաշկռտենք

Ամլացած հողը մեր ոտքերուն տակ,

Երբ շուրջպար ու հարսանիք պէտք էր ըլլար ամէնուրեք։

Մինչեւ ե՞րբ, օտարին լուծին չորեքթաթ երկրպագելու

Ակնապատիր այս մարմաջը՝ ստորին ու ստրկական.

Մինչեւ ե՞րբ, տեղայնական շահերը գնայուն

Գերիվեր պէտք է դասել՝

Համազգային արժէքներէն ու շահերէն,

Ու սեպ խրել այնքա՜ն խոցուած մարմնին արիւնաքամ։

Ո՞վ պիտի բացատրէ ամբոխին յուսաբե´կ,

Թէ պայքարն իր՝ հայրենիքի պայքար չէր երբէք,

Որքան ալ հայրենիքը՝ ծամոնի նման լղրճուի

բերաններու մէջ, անարգօրէն,

Այլ ‘‘ես’’երու, ‘‘միայն մենք"-ի պայքար էր սկիզբէն ի վեր.

Ե՜րբ պիտի վերջապէս համոզուին մարդիկ՝

Թէ արժէքներէն վեր գնայուն,

Հայրենի՜քն է միայն յաւերժական արժէքը գերագոյն...։

Խե՜ղճ ամբոխ, կը շարունակես գուպարին մէջ խօլական

այս խենթացած պարին՝

Քու պարը յուսահատ, վաղուան արշալոյսին ընդառաջ,

Աւելի կատաղօրէն, արեան նոր գետեր վարարելով...

Ո՜վ պիտի բացատրէ մարդոց

Թէ ի´նչ կը պատահի հիմա հոս՝

Անիծեալ այս երկրին մէջ քայքայուած...

Ի՞նչ պատահեցաւ՝

Սաղմին մէջ վիժած ազատութեան երթին որբեւայրի...

Ե՜րբ պիտի վերջ գտնէ անհեթեթ այս պարը խելագար...։

2006

­