ԱՐՇԱԼՈՅՍԻՆ ՀԵՏ
Մթագնած հորիզոնի
Կուտակուող ամպերու
Կոշտ դիմագծումի պահեր երկար,
Երբ եռեւեփող սրտեր,
Նախազգացումի տենդէն ջերմահար,
Կը նահանջեն յետին դիրքեր:
Խարակին բախող ահեղ ալիքներու
Կատղած շառաչն է սարսափազդու,
Մարող ծիրանիին հեւասպառ շունչին տակ:
Անդամալուծուած նաւահանգիստի մը
Անօթեւան մակոյկներու տատանող ճռինչը
Կը դարպասէ քամիին սուլոցը համարձակ:
Կաղկանձող շուներու վայնասունը
Կը գրոհէ տուներուն տամուկ երդիքները,
Ծխնիներու քուլաներուն հետ մրցավազքի ելած:
Տագնապահար սրտեր, լուսամուտերու ետին,
Անձկութեամբ կը հետեւին ափեզրի շարժերուն,
Աղջամուղջին ընդմէջէն բխելիք արշալոյսին,
Ուրկէ պիտի դուրս գան սիրելիներ հեւասպառ:
Արշալոյսին հետ խորշակահար կիրքեր կը մարին,
Մայրամուտին վերստին բորբոքելու պայմանով...
2010
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 10-2010, էջ 47։