ԱՆՄԵՂ ՏՈՒԱՅՏԱՆՔ

Չե´ս խաբեր դուն զիս

Խօսքերովդ անշունչ ու խոցող.

Այդ աչքերով չես խաբեր ոչ ոքի.

Հոն կայ կարօտի կսկիծ,

Հոն կայ դառնութի՜ւն արդարացի´

Ու տխրութիւն անցեալի՝ որ կը յամենայ...

Արձանի նման համր

Այդ աչքերուն մէջ սեւեռո՜ւն՝

Խարազանող ճիչ մը կայ անմե՜ղ ու զո´ւսպ,

Բայց փխրո՜ւն...կարծես պիտի փղձկէ

տաք հեղեղներ գոյնզգոյն...

Նուաղկոտ նայուացքներովդ տխրադալուկ

Զիս չես խաբեր, սիրելիս,

Որ գիտէ գրգա՜նքը քու դիւրաբեկ հոգիին

Ու ըմբոշխնած՝ ջերմ խռովքը բաբախող սրտիդ...

Ներէ´ ինծի, աչքերովդ խորհրդաւոր,

Ու խաբկանք տուր, որ՝ հոգիէդ ներս ըմբոստ,

ես մոռցուած մըն եմ վաղուց։

Բայց ներէ´՝ որ սիրեմ քեզ միակողմանի,

առանձնակի,

Չտեսնես իմ աչքերուն՝ սիրոյ ոչ մէկ կայծ,

կարօտի ոչ մէկ նշոյլ...

Ո՜չ, մոռցա՜ծ չեմ մեր անցեալը խռովայոյզ,

Ես մոռցած չեմ այդ նայուածքները ծովամոյն...

Այդ աչքերով բոցավառ

Դուն չես խաբեր գոնէ զի´ս, սիրելիս,

Հաւատա՜, այդ իմ ծածուկ երանութի՜ւնն է եղած միշտ...

2007