ԼԵՐԱՆ ԼԱՆՋԻՆ

Առաւօտեան վաղ արշալոյսին,

Մարմինս հանգչեցուցած պաղ խոտին,

Կը դիմաւորեմ նոր օրը սրբահրաշ,

Խինդով մը, հաւատքով մը մեծ:

Դէմս ձիւնածածկ լեռն է սպիտակ,

Փետրուարեան օր մը երազային.

Մինչ աշխարհը կը ննջէ կապոյտի տակ,

Ես առաւօտը կ’աւետեմ լերան լանջին:

Ծառերը մերկ ցուրտին կը սառին,

Ծղօտները թաց ջերմութի՜ւն կ’աղերսեն.

Ելի՛ր արեւ, փա՜ռք հրաշքիդ մեծասքանչ,

Քեզմով մենք պայծառ կը մնանք առ յաւէտ:

Բաշխէ՛ տաքութենէդ՝ անհաշի՜ւ, անխտի՜ր,

Մի՛ զլանար հէք աշխարհին ջերմութիւն,

Ամէն նոր օր, նոր յոյս մըն է նորոգուող,

Մի՛ զլանար աշխարհին այդ յո՛յսն ալ կորսուող...:

1987