ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ
Կար ժամանակ
Երբ մեր երազները կ’անդրանցէին
Իրողական բոլոր սահմանները երկրային,
Լեռներ ու հորիզոններ լոկ միջոցներ էին
հասանելի,
Լուսինը համեստ անցում մըն էր վաղուան
շողակէզ արեւին:
Կար ժամանակ
Երբ մեր երազները կը գրոհէին
Կաղապարուած սահմանները մարդկային,
Ովկիանոսները լոկ տարածք էին անցանելի,
Ճակատագիրը մե՜նք պիտի կերտէինք
մեր բազուկի ուժով,
ազնիւ աշխատանքով:
Կար ժամանակ
Երբ մե՜ծ կը կարծէինք ըլլալ
Մեր երազներով ու ձգտումներով.
Կար ժամանակ
Երբ հպարտ ու վստահ էինք
մեր կամքի ուժով.
Կար ժամանակ
Երբ մե՜նք էինք, ու աշխարհը՝
լոկ միջոց տարածքային:
Գուցէ ժամանակները փոխուեցան...
Հիմա մենք մե՜ծ ենք կորսուած
օրերով ու տարիներով.
Հիմա վստահ ենք աւելի քան երբէք
Լուսնի ու հորիզոնի հեռաւորութեան,
Հիմա ծանօթ ենք ունայնութեան ու
Ճակատագրի ահաւոր իմաստին...
Կար ժամանակ
Երբ մենք չէինք գիտեր «գիտնալ»ու իսկական վտանգը.
Հիմա կը հասկնանք
Թէ «գիտութիւնը» ահաւոր թշնամի է
Տառապանքի ոլորտները առաջնորդող...
1989