ՆԵՐԱՆՁՆԱԿԱՆ
Երբ պատանքը թանձրախիտ իջնէ երկիրն ի վար,
Ու անդորրը ծաւի պատէ ներաշխարն իր մրրկած,
Օրը հոգեմաշ կը մտնէ իր մահաքունին,
Մինչ նոր մը կը սկսի նոյնքան կրքոտ,
բայց հարազատ:
Դիմակները կեղծիքի կը պատռին ընդմիշտ,
Ժպիտները կեղծ կը մարին առ յաւէտ,
Հաւատքի տաճա՜ր մը կը կանգնի՝ սուրբ սեղանով,
շողշողուն աշտանակներով,
Ու ծնրադիր նստած վանականը կը յայտնուի,
խնկաբոյր աղջամուղջին ընդմէջէն,
Իր հայեացքը յառած Արեւելքին, ուրկէ պիտի ծագի
գալիքի շունչը ջերմ,
վաղուան արեւը թարմ:
Շուրջը խաւա՜րն է համատարած:
Չկան տագնապի վիճակներ ձգտուած,
Մանրուքներու գումարում կամ հանում,
Այլ՝ բազմապատկում յոյսերու, յոյզերու, երազներու...
Եւ կայ անրջական ուղեւորութիւն մը ոգեղէն,
Անհասանելիին, որ նման է հէքիաթային պատրանքին:
Երբ պատանքը թանձրախիտ իջնէ վար
անոր հոգիին վրայ,
Ու հեռանայ առ յաւէտ մարդոցմէ կեղծ,
ու մարդոցմէ խեղճ ու ապիկար,
Դիոգինէսի լապտերովն իր լուսավառ
Կը տենչայ գտնել մա՜րդը իր մէջ կորսուած,
Որ գիտէր խոնարհիլ արժէքին դիմաց միայն...
Մերժել դիմակները հարթակի վրայ թէ քուլիսներու ետին.
Կը տենչայ անկեղծ խօսքին զօրութիւնը բորբ,
Քան գձուձ ժպիտները աժան, ամբարտաւան:
Մի՞թէ անկարելին կը տենչայ ան
Ցնորած ժամանակներուն մէջ այս.-
Ահա հարցադրումը դժուար ու անոր վիշտը մնայուն...
2009