ՄԵՐ ՄԻՋԵՒ

Մեր միջեւ

Կան աստղեր երկնատարած...

Կայ անջրպետ համայնակուլ...

Մեր միջեւ

Կայ հրկիզուող աշխարհ մը՝

ինքն իր վրայ թաւալող...

Մեր միջեւ

Կայ մուգ կապոյտի մէջ փռուած

Անհուն հորիզոն մը բաժանարար...

Մեր միջեւ

Կայ աղջամուղջի թանձր վարագոյր.

Հեռո՜ւն, փարոս մը լուսավառ,

Հրաւէրի լո՜ւռ կանչ է սիրատարփ....

Մեր միջեւ

Կայ անջրպետ մը անհո՜ւն, խռովա՜ծ...

Մեր միջեւ

Կայ ճանապարհ երկար ու հաշիւ անհատոյց...

Մեր միջեւ

Խանձուած ցորենի դաշտն է բոցավառ...

Մեր միջեւ

Բարձր պատնէշներ կան աներեր...

Մեր միջեւ

Բոցարծարծ աչքեր կան մշտավառ,

Որ զերդ աստղեր գալարուն,

Կը լողան գիշերին մէջ լուսազարդ...

Մեր միջեւ

Հաշիւ կայ հատուցելի:

2010

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 10-2010, էջ 47։