ՍՈՒԳ Է ԱՅՍՕՐ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
Երակներուս մէջ շիկացած,
Հիւլէ-հիւլէ կը պայթին արեանս գնդիկները կարմիր
Ու կը թափին վար, որպէս արիւնահոսութիւն ներքին
որպէս ուժգին շարժ...
Տխուր, ահաբե՜կ է հոգիս կրկին.
Մտալլկուած, ինչպէս մահամերձը՝ որ կը փորձէ կառչիլ
Ապրելու աղօտ յոյսին, բաժանումէն առաջ...
Անարգ ոճիրին գոյժը կը ցնցէ կամքիս լարերը պիրկ,
Կը նետէ զիս ունայնութեան կլանող յորձանուտին մէջ,
շնչասպառ ընելու աստիճան խեղդելով զիս։
Կը տեսնեմ ատելութեան դիմագիծը ծառացած՝
վիշապի մը հրէշային տեսքով.
Կը տեսնեմ նախանձը անհանդուրժող,
Որ կրնայ գիշերին մէջ դաւել անարգ ոճիրին ծալքերը՝
սառնասրտօրէն, դեւի մը հեգնական ծաղրով.
Պատկերը ոճիրին կը գրոհէ, քամիի մը նման տաք,
Մարմնիս միս ու ոսկորին ընդմէջէն,
Կը նետէ զիս բազկաթոռին վրայ,
Բարկութեամբ մը կատաղի,
Պաղ քրտինքներու մէջ ողողուած։
Քաոս է իմ ներսիդին։
Անտեղիտալի պայքար՝ իմաստի փնտռտուքին։
Կանգ կ’առնէ ժամանակը...
Կանգ կ’առնէ մարդկութիւնը...
Կանգ կ’առնէ յոյսը՝ վիժած ու արիւնլուայ...
Կը ծնի զայրոյթ... վրէժի ապրումներով տոգորուած...
Կը դառնայ յուսալքում՝ անյոյս ոլորապտոյտին դիմաց...
Աւա՜ղ, փշրուեցան երազող աչքերը մայրիներու երկրին,
Ինկան հատիկ-հատիկ սպիտակ հողին վրայ,
որպէս արեան կաթիլ,
որպէս ցասում այս ողբերգութեան,
Բայց չկորա՜ն անհետ...
Դարձան անոնք ջրդեղումը գալիքի մը յուսաբեր,
Դարձան սկիզբ ազատութեան վերանորոգ պայքարին։
Կը տեսնեմ վրէժի թափօրը լո՜ւռ, կը տողանցէ,
Պահանջատէր՝ արեան գինին, ի զո՜ւր վատնուած...
Մայրիներու երկրին մէջ ծանր սուգ է հիմա.
Պիտի պայթի որպէս հեղեղ՝ ոճիրին դիմաց անարգ,
հրէշին դիմաց դարանակալ,
Ու շրջէ ընթացքը պատմութեան...:
2005