ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ

Պրն. Զաւէն Մսըրլեան, յիսնամեայ տնօրէնի իր վաստակով, փաստեց «լաւագոյն սփիւռքահայ տնօրէն»ի իրեն վերագրուած վարկն ու ասոյթը:

Մենք՝ զինք աշակերտողներս, եւ բոլոր իր ուսանողները, բարձրագոյն աստիճանի յարգանքով եւ պատկառանքով դիտած ենք ու կը դիտենք Պրն. Մսըրլեանի զոհաբերուող, խստապահանջ, արժանին գնահատող, մեծ ակնկալութիւններ ունեցող եւ միաժամանակ անոնցմով հպարտացող տնօրէնի կեցուածքը:

Իւրայատուկ էր իր տեսակին մէջ: Իր անձով, իր աշակերտներուն օրինակ դարձող այն քիչ ղեկավարներէն եղաւ, որուն հանդէպ չես կրնար չխոնարհեցնել գլուխդ եւ ակնածանք ու յարգանք չտածես իր տեսակին համար:

Ես աշակերտած եմ նաեւ տիկին Պայծառ Մանուկեանին, Ազգ. Կիլիկեան Երկսեռ Վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհիին, նախակրթարանի իմ տարիներուս, որուն խստապահանջութիւնն ու լրջութիւնը, նուիրումն ու ծառայութիւնը այլ օրինակ մըն է սերունդները հայեցի եւ մարդկօրէն դաստիարակելու նուիրեալ մշակներուն:

Պրն. Մսըրլեանին համար ՀԱԳ-ը եղաւ իր տունը, ուսանողները՝ իր ընտանիքը, անոնց դաստիարակութիւնը՝ իր նպատակակէտը, աւարտականներուն յաջողութիւնները՝ իր վարձատրութիւնն ու յագեցումը: Ասիկա, կերպարն է հայու ա՜յն տեսակին, որ դժբախտաբար սկսած է պակսիլ մեր իրականութեան մէջ:

Պրն. Մսըրլեան մնաց պատնէշի վրայ, լաւ թէ գէշ օրերուն: Մնաց հաւատարիմ իր կոչումին ու պաշտօնը վերածեց առաքելութեան: Յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ կը հաւատար հայուն գոյատեւելու կամքին, հայ նորահաս սերունդին հայեցի դաստիարակութեան ճամբով։

Մեր օրերուն, երբ շքանշաններն ու պատիւները դարձած են նորոյթ ու ընթացիկ երեւոյթ, Պրն. Մսըրլեանին ծառայութիւնն ու իրերայաջորդ սերունդներու յաջողութիւնը կը մնան արժանագոյն շքանշանը իր կուրծքին, որովհետեւ հոգիներէն տրուած շքանշանն է որ կը կրէ ան:

Յիսնամեայ իր ծառայութեան նշումին առիթով, կը խոնարհինք իր անշահախնդիր ու անանձնական նուիրումին ու վաստակին դիմաց:

Պատիւ Արժանաւորաց:

Զարթօնք Բացառիկ, 5 Յունիս, 2017: