ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ
Փոթորկայոյզ անձկութիւններու
Վերանորոգ յաճախանքին հետ,
Օրուան հրամայականը կը դիմակալենք կրկին,
Առեղծուածներու մեկնաբանութեան մրցոյթով...
Հարցադրումը՝ «Յո՞ երթաս»-ի,
«Ի՞նչ պիտի ըլլայ»-ի,
Ամէնօրեայ տարերքն է բռնազբօսիկ
Մեր շրջապատի կաթուածահար միտքին։
Սեւ ու սպիտակ մշուշի քուլային մէջ քօղարկուած
Հայեացքները՝ սառցաքարի շիթեր են կարծես։
Իսկ հոգին մարդուն, ծովափնեայ խարակին նման,
Ալիքներու յարատեւ շառաչին տակ սմքած,
Կը տնքայ ինքն իր մէջ, միայնա՜կ...
Վաղուց դադրած են տրտունջի ողբերգները լալահառաչ։
Ընկրկումի մոլուցքին, լլկումին յանձնուած՝
Կը ննջեն լո՜ւռ կիրքերը վաղնջական։
Ուրուականներու կերպարը կը սազի այդ պատկերին,
Աւելի՝ քան տխրադալուկ դիմաստուերը մահամերձին,
Թէկուզ երկուքն ալ կ’ուղղուին նոյն վախճանին...
Կ’ապրինք մուրացիկի ժլատ ակնկալիքով,
Որ մեզի կու տայ առաւելագոյն վարձատրութիւն.
Երեւի այդ է գոյութեան ներուժը մեր խարխափանքին,
Աւելին՝ շնորհք է, բախտ է ու սխալ եզրակացութիւն,
Առաւել եւս՝ խաբկանք ու խաբէութիւն...
2010