ՍՊԱՍՈՒՄ
Կը սպասեմ նամակիդ անձկութեամբ...
Կը սպասեմ խօսքիդ, որ պիտի տայ
Իմա՜ստ ու նոր յո՜յս վաղուան...
Կը սպասեմ սիրոյդ վկայութեան,
Որ պիտի տայ նոր խոյա՜նք...:
Կը սպասեմ անվերջ սպասումով համակուած...
Կը սպասեմ, որովհետեւ առանց վաղուան տեսիլքին
Ներկան կը մնայ քարացած, պարպուած...
Որովհետեւ առանց քեզ ունենալու յոյսի,
Կեանքը չ’արժեր այսքա՜ն զոհողութիւն ու պայքար...:
Կը սպասեմ անձկութեամբ, վարանոտ,
Կը սպասեմ մեր ուխտին հաւատարիմ.
Ուշացումը կը նշանակէ մոռացո՜ւմ,
Մերժո՜ւմ ու ծա՜նր յուսախաբութի՜ւն...:
Կը սպասեմ սպասման ախտէն վարակուած...:
1985