ՇԻՐԻՄԻՆ ԴԻՄԱՑ

Անդենականին նայող հօրս շիրիմին դիմաց՝

Աշխարհը կը տեսնեմ բիլ աչքերով տարբաժան,

Կը հրճուիմ գեղեցիկ օրերուն որ իմս եղան,

Ու կ’ողբամ հառաչանքներուս, որոնք եղան անբաժան։

Կ’անցնիմ լո՜ւռ, սպիտակ շիրմաքարերուն ընդմէջէն,

Կողքէն անո՜նց՝ որ եկան անցան աշխարհէն, արա՜գ,

Դամբանաքարի մը տակ՝ դարձան յուշ ու յիշատակ,

Ու շատերուն՝ որոնց դամբարանները մնացին անյա՜յտ,

Եւ դեռ շատերուն՝ որոնք գացին անյո՜ւշ, աննկա՜տ։

Կը հսկեն լո՜ւռ ու միայնակ, տխուր շոճիները կանգուն,

Աւանդի մը պահապաններ՝ կը մնան հոն անո՜նք միայն։

Ես տուն կը փախչիմ գլխահակ ու հալածական,

Մտածումէն՝ որ հոն պիտի դառնամ օր մը անպայման,

Ոչ որպէս այցելու, այլեւ, որպէս տունս հարազատ...

2012

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 16-2012, էջ 40։