ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ ԱՆԻԾՈՒԱԾ

Կրակի ու մահուան ոստանին մէջ

վատահամբաւ

Սերունդներ աշխարհ կու գան

վհատ ու մոլորեալ.

Անոնց կեանքը տարօրինակ

Ճիգն է իմաստի որոնումի,

Փշոտ ու տառապագին ուղի մը,

Որ կորսնցուցած է ամէն նպատակ,

Դարձած գոյութիւն մը սոսկական:

Առօրեա՞ն: Սարսափ ռմբակոծումի,

Մահ ու աւեր ամէնուրեք,

Անորոշին գացող ուղեւորութիւն երերուն,

Մահերգութիւն մը՝ լուռ, անճիչ,

Խաւար գիշերին մէջ մշուշապատ:

Պատմութիւնն հոս վերծանումն է հին ժամանակներու,

Ետդարձ մը՝ անտառային իրականութեան...

Կրակի ու մեղքի քաղաքին մէջ տխրահռչակ,

Սերունդ մը ամբողջ, անիծեալ,

Կը մնայ ճակատագրին դիմաց գամուած,

Մեղքի ու այլասերման հնոցին մէջ ցնորական...

Կ’որոնէ ինքնութիւնը բռնաբարուած,

Կեանքի ուղին բռնագրաւուած:

Պատերազմի սերո՜ւնդն է,

Որ զոհեց երազները երէկի,

արժէքները տարրական,

Եղաւ թափառական ու հալածեալ

Դարձաւ զոհը մեծ խաղերուն քաղաքական:

Կարաւաններ ամէն օր կ’երթան անվերադարձ,

Նոր աշխարհներու յայտնաբերութեան...

Մնացողները՝

Իրենց հոգւոյն խորերէն ծնած հառաչանքը

Կը զսպեն որպէս լուռ ճիչ,

Աղի արցունք մը քարացած,

Ու կը նային երկինք, որ առեղծուած մը ինքնին,

Կը մնայ համր... անփոյթ՝ իրենց տառապանքին։

Անիծեա՜լ սերունդ անկասկած:

Մեռելաթաղի մը նման որ կը ճամբէ

սիրելիներ ու հարազատ,

Կը ճամբէ ան նոր զոհերը

այս անվերջ խեղկատակութեան՝

Առաւօտուն, թափօրին հետ յամրընթաց,

Երեկոյեան ուրիշներ կը ճամբէ նոր ոստաններ,

Նոր տառապանքներու վկայութեան...:

Դառնութի՞ւն այս ճակատագրին դէմ,

Անկասկա՜ծ.

Խելագար պարին մէջ նետուած,

Կրակի հնոցին ընդմէջէն կ’երթան լո՜ւռ

Աննշան ամբոխները մերօրեայ:

Ուղեւորութիւն մը յամրաքայլ,

Անհիմն ընթացք մը սերունդներու,

Չվերծանուած, անճանաչելի վաղուան...

Սնանկացած քաղաքին մէջ թշուառ,

Սերունդն այս կ’այրի գլանիկի մը նման.

Գլանիկի ծուխը հետք չի թողուր իր ետին,

Կարճատեւ մշուշը պատրանք մըն է անցողակի

Բայց աւարտի գիտակցութիւնը ունի...

Ամէն նոր օր, յոյսի ու լոյսի

Աղօտ նշոյլ մը կը բերէ իր հետ,

Կարճատեւ իր երեւումով ան

Կը դառնայ մխիթարութիւն ժամանակաւոր,

խաբէական,

Ապա միշտ նոյն իրականութիւնը տգեղ,

Ելքը կը մնայ երազ վաղաժամ,

Ցանկութիւն մը չիրագործուած...:

Արեւելքի այս քաղաքին մէջ վատահամբաւ,

Մենք, սերունդները նորօրեայ,

Վկաներն ենք մարդկութեան սնանկութեան,

Վիժումին ու խելագարութեան,

Որու պարին մէջ խելայեղ

Այսօր մենք, վաղն ուրիշներ

Պիտի կ’անգնին նոյն անպիտան,

Յիմա՜ր իրականութեան դիմաց...:

1989