ՍԷ՜Ր

հարցադրող բարեկամիս

Ի՞նչ է սէրը՝ հարց տուաւ բարեկամ մը ինծի:

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Տանդ շեմին քեզ անձկութեամբ սպասող,

քեզի անհունօրէն փարող,

քեզ գրկաբաց ընդունող,

անհո՜ւն կարօտը սիրելիներուդ։

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Կէսգիշերային անուրջներուդ մէջ թափառող,

գերող յաճախանքի մը նման ցցուող,

կարօտակէզ տեսիլք մը յամեցող:

ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Մութ ու մռայլ անջրպետին մէջ յղի,

կայծակնասուր ակնթա՜րթ մը անուրջի,

ճախրանք մը՝ քու մահամերձ հոգիին:

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Խաբկանքը գեղեցիկին, հայելիին մէջ տգեղին,

վարդի նման անուշաբոյր,

թիթեռի նման վաղամեռիկ։

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Մահուան դիմաց ամեհի՝ թռթռուն ե՜րգը սոխակին,

Քաղցր ու թաթաւուն ճիչի մը նման արձակուած։

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Գոյատեւելու գաղտնիքը անբացատրելի,

խորհուրդը լինելութեան,

Դաժան ու ապերախտ աշխարհին մէջ այս։

Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ՝

Անիմաստը շղարշած քօղը աներեւոյթ։