ՇԱԼԿԷ՜ ԼՈՒԾԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ...

Բանաստեղծին

Քանի կ’ապրիս, շալկես պիտի լուծը...

Լուծն անհամար ու տառապող մարդոց

այս աշխարհին վրան.

Լուծն անոնց որոնք մոռցուեցան յաւէտ

այս պատմութեան էջերէն.

Լուծն անոնց որոնք կեանքի մրուրը ըմպած,

Մահուան քաղցր թոյնն ալ խմեցին,

Ու այսօր կը հեգնեն երէկն իրենց,

որ Աստուծոյ ծաղրն էր լոկ...:

Պիտի չմեռնիս երբէք, եղերաբախտ բանաստեղծ.

Քանի խիղճը կայ, պիտի շարունակես երթդ,

Երթն անոնց՝ որ քեզի հաւատացին

որպէս ճշմարտութեան առաքեալ,

Երթն անոնց՝ որ մեռան թէեւ,

մահուամբ մը ոխերիմ,

Բայց ընթացան յաւերժութեան սրբաքայլ ուղիներէն...:

Քանի դեռ կ’երգես հաւատարմօրէ՛ն

Մարդկութեան անհո՜ւն ու անհամա՛ր ցաւերը,

Պիտի ապրիս երկա՜ր,

պիտի ապրիս անմոռա՜ց,

Պիտի քալես մարդկութեան յաւերժաքայլ ընթացքով

դէպի ապագաները սրբահրաշ...:

1986