ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԷՐ ԵՐԲԵՔ

Պատահական չէր իմ այցը Հայաստան՝

այնքան ուշացած...

Ան հանդիպումն էր մօր ու զաւկի՝

Երկար բաժանումէ մը ետք, պարտադիր...

Իմ կարօտը ծարաւի, եղաւ սիրոյ դրուագ մը՝

վերամիացող զոյգի,

Դարձաւ մարմնացումը իմ հաւատամքին,

Վերածուեցաւ արեան կանչին հետեւող ուխտաւորի

հարազատ տունդարձին.

Պատահական չէր իմ այցը Հայաստան...

Ան իրականացումն էր դարաւոր մեր մեծ երազին,

Օգոստափառ Արարատին գացող նուիրական երթին,

Որ պիտի հետզհետէ դառնայ շարժ յառաջընթաց,

Պիտի դառնայ վճռական քայլերու ուղեւորութիւն հաստատ:

Պատահական չէր իմ մեկնումը հայրենիք...

Դէպի լոյսին գացող խարխափող ուղեւորի

Սրբագործող ճամբորդութիւնն էր՝

ժամանակի,

երազանքի,

պայքարի,

յաղթութեան,

անմահութեան։

Պատահական չէր իմ մեկնումը հայրենիք...

Իր արմատները որոնող հէք մարդուն նման,

Պիտի ի վերջոյ հասնէր իր հարազատ ակունքին,

Իսկ ես հասայ լուսավառ այն փարոսին՝

Որուն հաւատքով, տագնապով, անձկութեամբ

Ապրեր եմ շուրջ քառասնամեակ մը ամբողջ,

հաւատալով անոր բաբախող ուժին ....

2004