ԵՐՆԷ՜Կ ՆՕԹԻ՛ ԾԻՏԵՐՈՒՆ

Երնէ՜կ այն օրերուն անմխիթար,

Երբ հաւատքին կայծը հրաշափառ

Կը դղրդացնէր հո՜ղը մարդոց ոտքերուն տակ,

Կը խանձէր կիրքերը հրաբորբոք

Հոգիներէն ներս խռովահար՝

ցեղին կանչին սրտատրոփ.

Երնէ՜կ այն տարիներուն առհաւական,

Ուր երա՜զը մե´ծ՝ արեան բոցկլտող սեռուցքին,

Կը ներշնչէր անսպառ կենսանիւթ, աւիշ արնագոյն,

Վաղուա՜ն մարտին, որ նախերգանքն է՜ր վաղաժամ.

Երբեմնի հողին կարօտախտը մաքրահամբոյր

Առինքնող դիւթա՜նք էր ցեղին տարաբախտ.

Վերադարձի ճամբաները անվերապահ՝

Տարագրութեան արնահամ անապատներուն

Ներշնչանքին ոգեղէն ուղի էին, թելադրական.

Այդպէ՜ս էին... անցելապաշտ հաւատքի

Երդիքներուն տակ ճախրող՝

Նօթի ծիտերը խե՜ղճ ու ծիծղուն,

Ոգեղէն հացի կարօտ սովահար երամներ հպա՜րտ.

Անոնք հառաչանքն էին ողջակիզուած խիղճերուն,

Վերընձիւղած մասունքներն էին հրաշագործ.

Հիմա՜, ինքնամոռաց եզրայանգումներու գերեվար

Հո՜յլ մը հասկի նման տարտղնուած, ցիրուցան,

Անկողմնացոյց նաւապետի մը նման

Կը քաշկռտուին հողմահար,

Տարաբախտ զոհի հոգեվիճակը պարզած.

Հիմա՜, դառնաձայն ղօղանջներուն անտարբեր,

Սիգապանծ ծիտերու երամ մը թեւատարած,

Կը թռչի ուրա՜խ՝ աստղազարդ երկնքին տակ չքնաղ.

Երնէ՜կ այն օրերուն, որ գացին անդարձ,

Երնէ՜կ ծղրիթին՝ որ տո՜ւն կը դառնայ երեկոյեան...

2008

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 5-2008, էջ 53։