ՎԵՐՋԻՆ ԻՂՁ

Խօսք մը վերջին ըսեմ ու անցնիմ.

Յաղթանակի երթն է, հերթով կու գայ ու կ’անցնի.

Երէկի փառքը այսօր անշուք խօսք է անցողակի.

Վա՛ղն է հարցը. վախճանը բոլո՜ր հարցերուն...:

Գործ մը ազնիւ կտակեմ ու անցնիմ.

Մոռացութեան դարն է, կ’անցնի առանց յուշի.

Մարդոց կեանքն ալ կարճատեւ, ակնթարթ

մըն է ժամանակի.

Վա՛ղն է հարցը. առանցքը բոլո՜ր հարցերուն...:

1986