ՓՈԹՈՐԿՈՏ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒՆ
Չարենցին
Գիշերներուն, երբ տեսիլքներ հրեղէն,
Աշնանային քամիին նման անհրապոյր,
Կը վառին աչքերուս մէջ հրակէզ,
Ողջակիզումի այդ պահերուն խռովայոյզ
Կը ցցուի իմ դիմաց դիմաստուերը խոհուն,
Յաւիտեան վտարանդի, խելագա՜ր մարդուն,
Նայիրեան հզօր երգիչի դէմքը անմեռ...
Ստուերն անոր ներկայ է բոլոր խաչմերուկներուն,
Պատգամն անոր՝ կը մնայ հզօր ու տիրական,
Այս դարուն չար, մեր ժամանակներուն քինոտ.
Թոյն ու թախիծ, դառնութիւն անեզր,
Անողոք կեանքի փոթորկոտ ժամերուն
Դարձան անբաժան ընկեր բիրտ մարտին,
Բայց չտիրեցին իր ըմբոստ հոգիին,
Ու տառապանքի, խաչելութեան պահերուն
Երգն իր եղաւ յարութեան երգ գալի՜ք սերունդներուն...
Ու յարդգողի ճանապարհներուն աստղազարդ,
Փողոցէ փողոց թափառակա՜ն
Այդ բորբ հոգին գորշ կ’արիւնի ընդմի՜շտ՝
Աշխարհի ու մարդոց ցաւերով անհուն,
Ու երգը մռայլ, երգը արիւնահամ ու հրավառ,
Կ’երգեն ամբոխները շփոթած, խելագար,
Այս աշխարհի անքուն մայթերուն վրայ:
Հեռուն բոցավառ,
Դաժան երազի մը անմխիթար գգուանքներուն,
Երգն իր հանճարեղ կու տայ լարերուս տժգոյն
Սիրոյ յաճախանքը կոյր, սրբազան ղօղանջ տխուր.
Ցնորական պահերուս մենաւոր ու աղմկոտ,
Չարե՜նց, վերջին պոէ՜տ հայկազեան,
Քու ոգի՜դ հզօր կը մնայ անաւարտ խօսքիս
ներշնչա՜նքը անհուն:
2009