ՆԻՒԹՆ ԵՄ ԵՍ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ
Ես արեւախանձ ժայռի եմ նման,
Որուն վրայ կեանքի օրերը դաժան,
Լեռնագնացի մը նման,
Կը խրեն սեպերն իրենց հատ-հատ
Բարձրանալու անոր գագաթը անհաս։
Ես խոպան արտի եմ նման,
Որուն ընդերքը կը պեղէ հողագործը անխոնջ,
Տարուան բոլոր օրերուն,
Դուրս բերելու փուշն ու տատասկը աներեր,
Որպէսզի ան դառնայ բերրի, ծլարձակ...
Բայց անոնք կրկին կ’աճին, անհամար։
Ես պղնձեայ սառն հանքի եմ նման,
Որուն հարուածով կը կոփէ քանդակագործը պիրկ,
Արձանիկն իր խորհրդապաշտ,
Իմաստ ու ձեւ տալու անոր տգեղութեան,
Բայց կը դառնայ ան՝ ստեղծագործութիւն մը
անհրապոյր ու վանողական։
Ես մագաղաթեայ հնադարեան թուղթին եմ նման,
Որուն էջերուն կը մրոտէ պատմիչը հէք,
Իր կեանքի յիշատակները քարացած,
Բայց գրիչն իր կը ժայթքէ սոսկ արտասուք,
Ի տես հոն թաղուած վիշտերուն անանձնական։
Նիւթն եմ ես այս աշխարհի, մեղկ ու գունաթափ,
Որուն վրայ օրերը դաժան կը դրոշմեն հետքն իրենց
ծանրադրոշմ ու պարտուողական,
Ու կը կրեն անոնց կնիքը վախճանական ...
2007