ՎԻԺԱԾ ՅՈՅՍԵՐ

Երկունքիդ մէջ տագնապալի,

Կար յոյսը անրջային գալիքին...

Կար պատրանքը

Ազատ ու խաղաղաբեր նոր արեւածագին...

Երկունքիդ մէջ ցաւագին

Սպասումն էր միայն պահը դժուարին ...

Կար միշտ հաւատքը

Վաղուան հրաշափառ արշալոյսին...

Ամբոխներու երթին մէջ միլիոնի

Կար վճռական կամքը՝ պայծառ գալիքին ...

Կար միջոց մը կարճ

Խնդութեամբ օծուն, լուսեղէն հպարտ գալիքին...

Կար հաւատք անշեղ

Նոր անկիւնադարձի մը թեւակոխումին...

Աւա՜ղ, սաղմիդ մէջ սպաննեցին

Միլիոնին երազը նորափթիթ...

Աւա՜ղ, սաղմիդ մէջ վիժած

Մանուկ մը միայն կար արիւնաթաթախ...

Իր հետ տարաւ յոյսերը բոլոր

Նոր Լիբանանի մը տեսիլքը փշրուած...։

2006