ԶՈ՜ԻՐ է, ԿԻ՛Ն…
Հանգած մոխիրին ինչո՞ւ կատաղօրէն
Արծարծեցիր յատակը յանկարծ, կի՜ն.
Ինչո՞ւ քրքրեցիր բոցե՜րը մահաքունի մտած
Յուսալով գերել հրայրքովդ սիրտ մը՝
վաղուց ամլութեան մատնուած։
Քու դիմաց կանգնած է յուսաբեկ մարդ մը հիմա,
Որ գիտէր խայտա՜լ, գգուել սիրտե´ր զսպանակուած,
Սպիտակ ձիաւորին նման գրոհել ու բորբոքել
Առկայծող նորափթիթ հոգիները հրավառ.
Բայց կը տեսնես արդէն, թէ անցեալ մըն է ան յիշարժան,
Վաղ առաւօտեան աղջամուղջին մէջ կորած երերուն
Իշխանին նման՝ իր փառքի պերճանքէն փետրաթափ։
Հանգած մոխիրները ինչո՞ւ կը գրգռես, կի՜ն,
Կորսուած գրաւ են անողոք ճիգերդ անվհատ.
Գիսաւոր աստղի նման առկայծող հրայրքիդ դիմաց
Իցի՜ւ, վառ խաբկանք մըն է թէժ կրակը իմ հոգիին.
Հաւատա´ կի՜ն, ածխացած սիրտէն ի՞նչ օգուտ քեզի,
Թո´ղ փոսը ցրտահար ծածկէ յոյզերն անոր մոխրացած։
Ես երէկն եմ անվերադարձ.
Դուն նայիր վաղուան՝ բարերար...։
2003