ԽԱՉԱՓԱՅՏԸ
Խաբեցին մեզ մանկութեան երազները ջինջ
Ու յօշոտեցին օր ցերեկով մեր հոգիները դեռատի.
Ապա լաթերու նման կախեցին պատշգամին,
Որ ծիծաղին ու քրքջան մեր անշուք բախտին,
Վիժած յոյսին,– որ խարխափեց կոյրի մը նման...
Խլեցին մեզմէ կտոր մը երկինքը մով, որուն
Ապաւինած, աստղերու մտերմութիւնը կը տենչայինք,
Լեցուցին հոն ծծումբ ու ծուխ գարշահոտ,
Ու վանեցին ընդմիշտ աստղերու պարը հմայքոտ:
Մեզի տուին անուններ կեղծ ու այլանդակ,
Ըսին՝ «սերունդն էք պատերազմի»,
«Խարխափումի դարն է ապերախտ»,
«Քաւութեան նոխազներն էք հզօրներու խաղին»:
Բայց մենք սերո՜ւնդ չէինք իսկական:
Մենք խլեակներն էինք գիշերուան զայրոյթին,
Ու երերուն ուրուականները ցերեկի հրայրքին,
Յետ միջօրէի խանձած ծղօտներն էինք խորշակին,
Յամառօրէն վաղուան կառչած սին պատրանքն
էինք մեռեալ յոյսին...
Այո՜, խաբեցին մեզ հին ու նոր երազները բոլոր,
Հին ու նոր աստուածները անանուն,
Քուրջի նման նետեցին մեզ մայթեզրին ամայի,
Ու տուին մեր ձեռքին լաթ մը հին,
Վրան գրուած, գոյնզգոյն տառերով,
«Վիժա՜ծ սերունդ».
Այդ մեր խաչափայտն ըլլալու էր անպայման...
2012
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 15-2012, էջ 48։